Մոնթեն ԿՈՂՄ էր հայոց լեզուի և մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ո՛չ թէ նահանջին
[ 2010/07/01 | 09:20 ] Հիմնական թողարկում, հասարակություն
Սեդա Մելքոնեան
Ամէն տարի, երբ Մոնթէին ծննդեան և մեկնման օրուան տարելիցը կու գայ, յատկապէս հարց կու տամ ես ինծի. Ին՞չ պիտի մտածեր Մոնթեն մեր արարքներուն մասին: Յաճախ հարցումներուս պատասխանները կը գտնեմ իմ գանձարանիս՝ Մոնթէին նամականիին մէջ: Ապրիլ ամսուն մասնաւորաբար մէկ իրադարձութիւն սերտօրէն կ՝առնչուէր Մոնթէին հետ, որը բանտին մէջ Մոնթէին երկու անգամ հանդիպած՝ Դետ Պօղոսեանի կողմէ կատարուած զրպարտութիւն մըն էր: Վերջինիս մասին հետևեալը ունէր ըսելիք Մոնթեն.
«6.6.88
Ասկէ զատ գէշ լուր ալ կար: Ամերիկահայ ֆիլմ շինող մը կայ (documentary and educational films) որ բաւական միջոցներ հաւաքած էր (նիւթական ևայլն) Հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակի վրայ ֆիլմ մը շինելու: Երբ պիտի սկսէր մինչև հոս եկաւ (1986-ի սկիզբը) հետս խօսելու: Բարի մէկն էր և հայրենասէր, բայց մէկուն պէտք ունէր ֆիլմին մօտեցումը և բովանդակութեան ուղղութիւնը տալու: Ուզեց, որ այս կապակցութեամբ օգնեմ, բայց պայմաններս չէին ձգեր: Մի քանի ամիս յետոյ նորէն մինչև հոս եկաւ և նորէն խօսեցանք: Ինչպէս գիտես պայմաններս չէին փոխուած: Ինչ որ է, ապրիլին ԱՄՆ-ի հեռատեսիլին մէջ սփռեցին և կ’ըսեն որ բաւական ձախող էր: Շատ կը ցաւիմ իրեն համար: Նաև կը ցաւիմ, որ անգամ մը ևս լաւ միջոց մը ոչ մէկ ձևով ծառայած է մեր ժողովուրդին»:
Վերջին շրջանին մեր ժողովուրդը մեծ փորձութեանց կ’ենթարկուի թէ՛ արտաքին և թէ՛ ներքին ճակատներու վրայ: Ստալինեան սխալ մը աւելի մեծ սխալով մը «սրբագրելու» ելած անհեթեթ տրամաբանութեամբ մը առաջնորդուող կղեր: Մայրենի լեզուի և ընդհանրապէս Հայաստանի կրթական համակարգի վերաբերեալ մեզ այնքան անհրաժեշտ բարելաւման փոխարէն՝ օտար դպրոցներու բացումը ջատագովող ինչ-որ «հայրենանուէր» պաշտօնեաներ: Մեր մայր քաղաք Երևանը դիմազրկող ու աղավաղող ինչ-որ գործարարներ: Մեր չքնաղ երկրի և մոլորակի բնութիւնը բռնաբարող ընչաքաղց ներդրողներ:Մեր ոչ այնքան բարի հարևաններուն նկատմամբ հաւանական զիջումներու սարսռազդու հեռանկարն անգամ շնչահեղձ կ’ընէ: Դեռ չեմ խօսիր Ալէքին ժողովրդագրական համաղետի մասին հրաշալի սակայն վախազդու յօդուածին մասին: Յաճախ յուսահատական ու բաւականին վատ կարծիք մը կը գերիշխէ մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Առ այդ, Մոնթեն դարձեալ կու գայ իր յաւերժական լաւատեսութեամբ ու անզիջող կամքով.
«13.5.88-24.5.88, էջ 13
Մեր ժողովուրդը, ինչպէս որևէ ժողովուրդ, հակառակ որ գէշ տարրեր ունի իր մէջ, իբրև ամբողջականութիւն մը լաւ է: Ես շատ ուրախ եմ հայ ըլլալով: Հայկական մշակոյթը լաւ է, լաւ է հայու առօրեայ կեանք ապրիլ: Երբէք չեմ ըսեր, որ հայ ժողովուրդը որևէ ուրիշ ժողովուրդէն լաւ է: Ո՛չ, այդ տեսակ բաներ ճիշդ չեն: Այլ նոյնիսկ այդ տեսակ հարց չի դրուիր: Պարզապէս ամէն մէկ ժողովուրդ իր յատկութիւնները ունի և այս յատկութիւններու տեսակները և բազմութիւնն է, որ աշխարհի մարդկութեան հարստութիւնն է: Իսկ դուն և ես և միւս հայերը, մենք հայ ենք ուրեմն բնական է որ մենք պիտի մեր յատկութիւններուն, մեր մշակոյթին կապուած ըլլանք: Մեր մշակոյթը ամբողջ մարդկութեան հարստութեան մէկ բաժինն է: Պէտք է պաշտպանենք և զարգացնենք այդ մշակոյթը: Վերջին ամիսներուն մեր ժողովուրդին ազնիւ, բարի տարրերուն օրերն էին: Երբ այս մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը (այսինքն՝ երբ այս հսկայ «պարզ» զանգուածները) կը շարժի շատ-շատ հստակ կ’ըլլայ այն իրականութիւնը՝ այսինքն որ մեր ժողովուրդը լաւ և ողջ է: Մանաւանդ այն հայերը, որ մեր հայրենիքին մէջ կ’ապրին: Այս վերջին տարիները ինծի համար ամէն ձևով շատ դժուար էին, բայց շատ բաներ սորվեցայ: Ամէնէն կարևոր դասերէն մէկը այն էր, որ միշտ հստակատես և առարկայական մնամ: Երբեմն միայն գէշ մարդոցմով շրջապատուած կ’ըլլայի և դառն, տգեղ բաներ կը տեսնէի: Այս բաները ինծի ատելութեամբ լեցուցին, բայց երբէք այդ զգացումին զոհ չի գացի: Կրցայ միշտ պաղարիւնութեամբ դիտել մեր ժողովուրդին ամբողջական իրականութիւնը և անոր մէջ լաւ կողմերը շատ աւելի են քան թէ գէշը: Եւ ժողովուրդիս համար ունեցած սէրս և քեզի համար ունեցած սէրս (….) այնքան մեծ էին, որ անմիջական շրջանակիս ատելութիւններուն կը յաղթահարէին: Սեդա, սորված եմ միշտ ուշադրութիւն ընել որպէսզի ո՛չ տխրութիւնը և ո՛չ ալ ուրախութիւնը ինծի կուրցնեն: Մեր զգացումները կրնան շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ մեր կեանքի ու գործի վրայ եթէ սորվինք ինչպէ՞ս անոնց գործածել մեզի զօրացնելու համար ոչ թէ ձգենք, որ մեր զգացումները մեր ընդհանուր աշխարհահայեացքը փոխէ կամ իրականութեան դիմացը մեզ կուրցնէ: Հաւանաբար դուն ալ այս վերջին տարիներուն այս նոյն դասը սորված ես: Նամակէդ այդ տպաւորութիւնը ունիմ: Հաւատա՛ ես շատ-շատ-շատ զգացումներ ունիմ, լեցուած եմ և այնքան են որ դժուար է հաւատալ, որ մէկ հոգու կը պատկանին: Դուն, հայրենիք, ընտանիք, մարդկութիւն ընդհանրապէս, բնութիւն- բոլորն ալ հրաշք են:
Սիրելու շատ-շատ պատճառներ կան: Եւ կը սիրեմ Սեդա քեզի ալ, ամէնուն ….: Անշուշտ որ մեր ժողովուրդը լաւ է: Այնքան լաւ է, որ կ’արժէ մեր կեանքը նուիրել անոր: Բախտ ունիս, մե՜ծ բախտ ունիս իրենց մէջ ըլլալու, իրենց հետ ապրելու, իրենց կեանքը բաժնելու, իրենց զգալու»:Վերջին տարեներուն բազմաթիւ անհեթեթութիւններ լսած և կարդացած եմ Մոնթէին մասին, սակայն քանի մը օր առաջ «Հայոց Աշխարհ» թերթի Համլետ Հարությունյանի հարցազրոյցին մէջ Մոնթէին անուան շահարկումը կարծես «կոխեց անցաւ» բոլորը, ինչպէս Մոնթեն պիտ’ ըսէր:Եթէ հայոց լեզուի լաւ իմացութիւնը այդքան կարևոր չ’ըլլար, Մոնթեն չէր փորձեր նախ հայահոծ Լիբանան կամ Պարսկաստան գալ, որպէսզի հայերէն սորվի իր ժողովուրդին լաւապէս ծառայելու համար: Իմ կարծիքով Մոնթէին գիտցած հայերէնը շատ աւելի լաւ ու որակով էր քան բազմաթիւ այլ սփիւռքահայերու խօսած հայերէնը, ովքեր հայկական դաստիարակութիւն ստացած էին կամ մեծցած էին հայախօս միջավայրի մէջ: Մոնթեն նաև աւելի լաւ հայերէն կը խօսէր քան բազմաթիւ արևելահայեր, ովքեր Ռուսական կրթութիւն ստացած էին Հայաստանի մէջ:Հակառակ որ հայերէնը հեռու էր իր լաւ տիրապետած լեզուներէն մէկը ըլլալէ, ըստ Մոնթէին, ակնյայտ է, որ ինք յատուկ համակրանք մը ունի և անգամ պատկանելութիւն մը կը զգայ այս լեզուին նկատմամբ զայն գործածելով որպէս նեղ անձնական հաղորդակցութեան միջոց: Այս գրութեան մէջ ներկայացուած մէջբերումները տառ առ տառ Մոնթէին գրածներն են:
«11.8. 88
Մայա Աւագեանի գիրքը մեր լեզուին վրայ այնքա՜ն գաղափարներ ունէր իր մէջ, որ ճիփ-ճիշդ ձևով կը բացատրուին որ կարդալով շատ-շատ ուրախացայ: Չեմ գիտեր թէ ինչքա՞ն մարդիկ կը կարդան այդպիսի գիրք մը (տպաքանակ 30.000էր միայն) բայց գոնէ կարդացողները պիտի կարենան լաւ ըմբռնել հարցերը: Նաև սիրեցի քանի որ պարզ ու յստակ ձևով գրուած է (թէև շատ բառեր չի հասկցայ, բայց այդ ալ իմ յատուկ պակասութիւններու խնդիրս է): Փորձեցի մարսել այն բացատրութիւնները որ ինծի կը վերաբերին: Նայինք եթէ կը յաջողիմ կամ ոչ: Երբ միասին կ’ըլլանք աւելի դիւրին կ’ըլլայ քանի որ քու բացատրութիւններդ պէտք է անմիջապէս ըմբռնեմ …: Հետդ ապրելով պիտի վերջապէս հայու պէս խօսելու սկսիմ: Սակայն գիրքը խելքին չի պարկելիք մէկ բան ունէր: Մէկ գլուխի մէջ շատ լաւ կը բացատրէ թէ ինչպէ՞ս պէտք չեղած օտար բառեր պէտք չէ գործածենք երբ հայերէն բառը կայ: Յետոյ գրողը ի՛նք յաճախ օտար բառեր կը գործածէ որոնց հայերէն թարգմանութիւնները նոյնիսկ ե՛ս գիտեմ: Ինծի համար այս մէկ բանը շատ հետաքրքրական էր քանի որ գաղափար կու տայ թէ հոն տեղ ընդհանուր առմամբ նախընտրութիւնները և ներկայ սովորութիւնները ի՞նչ են և մինչև ու՞ր կ’երթան: Դուն պիտի այս ալ բացատրես»: (էջ 5-6)
Իսկապէս շատ լաւ էր հայերէն նամակդ ստանալը: Շատ-շատ ուրախ եմ, որ կինս մեր լեզուին վրայ այսքան լաւ կը տիրէ: Հաճոյքով կը կարդամ և կը զգամ, որ մեր բնական հաղորդակցութեան միջոց է»: (էջ8)
Մոնթեն ԿՈՂՄ էր հայոց լեզուի և մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ո՛չ թէ նահանջին:
Անգամ ռազմաճակատի վրայ Մոնթէին հայերէնի իմացութեան և տեղի բնակչութեան չիմացութեան դէպքերը արձանագրուած են: Երբ Մոնթեն կը պոռար «հրասայլերը կու գա՜ն, հրասայլերը կու գա՜ն» զարմացած իրար երեսի նայող տղաքը հարց կու տային «ո՞րտեղ են սայլեր վառվում, Աւօ ջան»: Եթէ «տանկ»-ը մտաւ Մոնթէին բառապաշարին մէջ ուղղաթիռը երբէ՛ք «վերթալիոտ» չդարձաւ իրեն համար: Վստահ «մեր լեզուի» նկատմամբ որևէ զիջում ժխտական պիտի ընդունուէր Մոնթէին կողմէ:
Մեզմէ շատերուն նման, ան ալ պիտի ուզէր, որ հայերը բարձրորակ հայերէն մը խօսին և շատ լաւ իմանան օտար լեզուներ: Սակայն օտար լեզուներու այդ իմացութիւնը հայերէնի հաշուին չ’ըլլար: Վէրջ ի վերջոյ մեր լեզուի պաշտպանութեան հարցը սերտօրէն կ’առնչուի մեր ազգային լինելութեան հետ:
Friday, July 2, 2010
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment